ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մտասեւեռ հայեացքներ են դարձեալ այն հողին՝ ուր դեռ երէկ կեանք, իսկ այսօր լքում ու մահ կը բուրէ: Հայեացքերն են հաւատարիմ ա՛յն մարդոց, որոնք այժմ կը տեսնեն անշնչացումը իրենց վաստակին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մտասեւեռ հայեացքներ են դարձեալ այն հողին՝ ուր դեռ երէկ կեանք, իսկ այսօր լքում ու մահ կը բուրէ: Հայեացքերն են հաւատարիմ ա՛յն մարդոց, որոնք այժմ կը տեսնեն անշնչացումը իրենց վաստակին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի՝ թէ քանի որ Աստուած բարի է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կ՚արտօնէ չարին։
Արդարեւ, որեւէ կասկած չկայ, որ Աստուած անհունօրէն բարի՛ է եւ Անոր բոլոր գործերը բարի՛ են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անհաւատալի... բայց իրաւ. շաբաթներ առաջ լրատուական միջոցներ յայտնեցին, որ Ափրիկէի երկիրներէն Ուկանտայի մէջ անօթութեան պատճառով մահացած է աւելի քան 600 անձ. բայց որո՞ւ հոգը հարիւրաւոր զոհերը՝ երբ անոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չեն, երբ Եւրոպայի «զարգացած» երկիրներու մէջ չեն ապրիր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախածնողներուն «անհնազանդութեան նախընտրանք»ը պատճառ եղաւ «չար»ին գոյացման։ Արդարեւ, այս անհնազանդութեան նախընտրութեան ետին՝ կա՛յ Աստուծոյ հակադրող (ԾՆՆԴ. Գ 1-5), աստուածային պատուէրներու հակադրուող «Փորձիչին ձայնը», որ նախանձէ տարուած՝ զանոնք մահուան գիրկը գլորեց (ԻՄՏ. Բ 24)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աչքերուս դիմաց բեմականացող անտարբերութեան ներկայացումը կը խանձէ հոգիս ու այսպէս մեռելային անփութութեամբ օր մըն ալ կ՚անցնի, իր հետ տանելով մաս մը ամէ՛ն ինչէն՝ որ կար ժամանակ սրբազան էր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կիներու մէջ օրհնուած» է ան, նազարէթցի «չհարսնացած Մարիամը»։
Եկեղեցին, Աստուածամօր Վերափոխումի յիշատակի տօնը լուսատենչ կը կատարէ անոր՝ որ «լուսածին օթարանը», «արդարութեան Արեգակի նոր խորանը», «Լոյսի մայրն» է հանդիսացած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային ընկերութիւնը, անցեալին հակառակ, էութիւնը թերագնահատելով աւելի կարեւորութիւն կու տայ երեւոյթին, որովհետեւ այսօր մեր շուրջ գրելէ ամէ՛ն մարդ երեւութապաշտ է՝ քան իրապաշտ: Փոխանակ ձգտելու ըլլալ այն՝ ինչպէս որ կ՚ուզեն երեւիլ, կը նախընտրեն երեւիլ՝ առանց ըլլալու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճշմարտութիւն»ը՝ իբրեւ մարդու խօսքին եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութիւն։
Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճիշդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք նոր ըլլալ կը թուին, սակայն եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ անոնք հազարամեակներու անցեալ մը ունին, պարզապէս մեր մէջ նոր ծիլեր կը սկսին տալ, ինչ որ պատճառը կ՚ըլլայ, որ «նոր» բան մը կարծուին: Նման իրողութիւններէն մէկն է տղոց աղջիկ դառնալու, իսկ աղջիկներուն՝ տղայ դառնալու տարօրինակ, սակայն մա՛նաւանդ վերջին տասնամեակին նոյնքան տարածուած արտասովոր երեւոյթը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին յաճախ թշնամի ըսելով հասկցած ենք թուրքը կամ ազերին, սակայն յետ այսու թշնամի ըսելով պիտի հասկնանք մենք մեզ, որովհետեւ թուրքը կամ ազերին չկրցաւ հայուն վնաս պատճառել այնքան՝ ինչքան մենք մեզ պատճառեցինք ու կը շարունակենք պատճառել: