ԱՐԾԻՒԸ ԵՒ ՆԵՏԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ եթէ ուշադրութեամբ դիտէ բնութիւնը, հոն պիտի գտնէ դասեր, որոնք թերեւս կարելի պիտի չըլլայ հանդիպիլ եւ գտնել մարդկային ընկերութեան մէջ։ Բնութիւնը, արդարեւ, իր ամբողջութեանը մէջ, դպրոց մըն է՝ ուր կարելի է սորվիլ շատ բան։