ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Ժ.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թրքախօսութիւնը լուրջ մտահոգութիւն էր բոլորի համար. պէտք էր անպայմանօրէն հայացնել այդ թրքախօս սերունդները, որովհետեւ լեզուի կողքին պիտի կորսնցնէին նաեւ ազգային զգացումը, աւանդութիւններն ու գրեթէ ամէն բան, որ աղերս ունէր հայկականութեան հետ: