ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԶ.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Լեզուի խնդիրը շատերու համար որքան ալ պարզ թուի, իրականութեան մէջ մեծ մտահոգութիւն էր մտաւորականներուն համար. մտահոգութիւն՝ որ շատ անգամ վէճ կը յառաջացնէր անոնց միջեւ: Շատ մը մտաւորականներ անմիջականօրէն ժողովուրդին մէջ ապրած չըլլալով, գաւառները շրջած ու անոնց բարբառները լսած չըլլալով, լեզուի հիմք կ՚ընդունէին գրաբարը եւ անոր հիմերուն վրայ կը փորձէին հիմնել աշխարհաբար լեզուն, իսկ ուրիշներ, գրաբարը մինչեւ իսկ «վայրենի» լեզու նկատելով, կը փորձէի գրաբարը հեռացնել լեզուէն եւ ընդունիլ բարբառները: