ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐ ՀԱՅԿ ԻՒԹԻՒՃԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԴՈԿՏՈՐԱՅԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Գրեց՝ ԳՐԻԳՈՐ ՓԻՏԷՃԵԱՆ(*)
Անցեալ ամիս նամակատուփիս մէջ, որպէս գեղեցիկ անակնկալ մը, գտայ Բրակայէն առաքուած ծրար մը։ Շուտով երեւան եկաւ որ, երաժշտագէտ Հայկ Իւթիւճեանի Դոկտորային (Ph.D.) Աւարտաճառէն օրինակ մըն էր անունիս մակագրուած։ Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ գիրք մը՝ հրատարակուած Charles University In Prague, Faculty of Arts-ի կողմէ։ Անհուն երջանկութեամբ կարդացի զայն։