ԿԱԽՄԱՆ ԿԷՏՈՎ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ամէն շարժում, որ տեղափոխութիւն կ՚ենթադրէ ունի իր ճամբան, ծովու ձուկը, ցամաքային ճամբորդութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ օդայինը:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ամէն շարժում, որ տեղափոխութիւն կ՚ենթադրէ ունի իր ճամբան, ծովու ձուկը, ցամաքային ճամբորդութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ օդայինը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային լրահոսին մէջ վերջերս քննարկումներու առիթ կը դառնար «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած շարք մը նամակագրութիւններ: Ի շարս այլ հարցերու, հոն կը բացայայտուէին Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ շուրջ տասն ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլին-թընի մօտիկ համարուող անձնաւորութիւններուն ուղղուած նամակները:
Կարէն Աղամեան ծնած է 1946-ի Նոյեմբերի 28-ին, Երեւան: 1964-ին աւարտած է Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը, 1969-ին՝ Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը: 1970-էն ի վեր կը դասաւանդէ Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ (1989-էն՝ փրոֆէսէօր, 1988-94 թուականներուն՝ ամպիոնի վարիչ): 1974-ին՝ կը դառնայ Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ: 1982-ին՝ ստացած է Խորհրդային Հայաստանի Նկարիչներու միութեան վկայագիր՝ տարուայ լաւագոյն գեղանկարի համար: 1988-ին դարձած է Խորհրդային Հայաստանի ծրագողներու միութեան անդամ: 1998-էն ի վեր նախագահն է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հալէպի կորուստը համազօր է ազգային կորուստի: Չափազանցութիւն կամ զգացականութիւն պէտք չէ որոնել դժուարութեամբ արտայայտուող այս հաստատումին մէջ: Կենսականօրէն կարիքը կայ բացատրելու ազգային մակարդակով հետեւանքներ ունեցող իրավիճակ մը, որուն լուսաբանումն ու հիմնաւորումը պէտք է շատոնց տրուէր, անդրադառնալու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաստատուած եւ կազմաւորուած գաղութի մը գոյատեւման, մինչեւ իսկ գոյութեան վտանգը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն իսրայէլեան մամուլի ամենաթէժ քննարկումը Մոսկուայի կողմէ դէպի Միջին Արեւելք ռուսական արդիական զէնքերու առաքումն է
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ամէն անգամ քաղաքամայր Երեւանէն Հալէպ վերադարձիս, հետս անպայման հարազատներուս համար յուշանուէրներու կապոց մը կ՚ունենամ:
ԴՈԿՏ. ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ
2011 թուականէն ի վեր Երեւանի մէջ կը գործէ Սփիւռքի նախարարութեան Ամառնային Դպրոց ծրագիրը: Այս տարի որոշ փոփոխութիւն մտցուած էր ծրագրի գործադրութեան ձեւին մէջ: Սփիւռքի Նախարարութիւնը այս ծրագրի գործնական ղեկավարումը վստահած էր Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինստիտուտին եւ անոր փոխ-տնօրէն Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին: Դասընթացքներու վայրն ալ Պետական Համալսարանի գլխաւոր շէնքն էր:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոկտեմբերի այս օրերուն (որոշ աղբիւրներու ճշգրտումով՝ Հոկտեմբեր 17-ին) կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայկական հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքերէն եւ ազատախոհ գաղափարաբանութեան դրօշակիրներէն Մատթէոս Մամուրեանի։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Զրոյց՝ արտագաղթը Հայաստանի մէջ խոչընդոտելու, Հայաստանի մէջ մնալու եւ աշխատելու հնարաւորութեան մասին: Հանդիպման հերոսը Գայիանէ Դաւթեանն է: Գայիանէն կ՚աշխատի սպասարկման ոլորտին մէջ եւ կը սիրէ իր աշխատանքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող խմորումներու լոյսին տակ վերջին օրերու լրահոսին հիմնական առանցքը դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը: