ՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ (Գ.)
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ յօդուածով գրած էի այն մասին, թէ Պոլսոյ մէջ հայերէն լեզուն, թէեւ գրեթէ լքեալ, օգտագործուելու պարագային ընդհանրապէս սահմանափակուած է ներհայկական միջավայրէ ներս. համայնքի հայախօս փոքրամասնութեան մօտ սովորութիւն դարձած է օտար շրջանակներու ու հանրային տարածքի մէջ մայրենին չօգտագործելը։ Պատճառն այն է, որ հայախօսութիւնը հայութիւն մատնող ամենէն անմիջական հանգամանքն է, իսկ հայ ինքնութիւն կրելը՝ մարդս հաւանական խտրականութեան թիրախ դարձնող կացութիւն։