Հարթակ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ ՆՈՒՇԻԿ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ, ՀՈՂԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստան հաստատուած արմատներով սուրիահայ բանաստեղծուհի Նուշիկ Միքայէլեան միայն գրականութեան նուիրեալ մը չէ։ Զանազան առիթներով եւ ամենատարբեր օրակարգերու վերաբերեալ տեսակէտ ունեցող մեր գործընկերը (գործընկերութեան կտրուածքը անշուշտ փոխառընչուած՝ հայ գիր ու տիպի հանդէպ Նուշիկի ունեցած անվերապահ եւ նուիրական սէրն է, որ մեր օրերուն դարձած է հազուագիւտ երեւոյթ) ամէն բանէ առաջ Հայաստանի մեծ սիրահար է։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԴԺՈՒԱՐԱՑՆՈՂ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հակառակ ամբողջ աշխարհի կողմէ հաստատուած այն իրողութեան, որ կլիմայական փոփոխութիւնը ամենէն լուրջ սպառնալիքն է մարդկութեան, Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը ձեւացնեն, որ չեն տեսներ եւ չեն լսեր՝ խուսափելով միջազգային խորհրդաժողովներէն կամ որոշումներէն: Բայց՝ մինչեւ ե՞րբ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը վերջերս հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է այս առընչութեամբ:

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յառաջիկայ կիրակի 14 ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որ մեր ժողովուրդին մօտ յայտնի է Ծաղկազարդ անունով: Ծաղկազարդը այլ ժողովուրդներու մօտ ծանօթ է Արմաւենեաց օր անունով:

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՐՑԵՐ ՈՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Մեր ազգային կեանքին մէջ որքան լուսաւոր եւ մխիթարական երեւոյթներ կան, նոյնքան ալ կան մտահոգիչ հարցեր ու խնդիրներ։ Տարիներէ ի վեր կը գրենք ու կը պայքարինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ գետին գտած դատապարտելի տխուր երեւոյթներու մասին։

94-ԱՄԵԱՅ ՎԱԼԱՆԹԻՆ ՔԵՇԱՓԻՆ ԽԱԹԱՐՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԸ

Տեսակցեցաւ՝ 
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Եթէ կեանքը ընդունինք անզուգական դաշնամուր մը, ուրեմն ամէն մարդ կը նուագէ իր դաշնամուրին վրայ։ Զանազան են կեանքի մեղեդիները։ Երբեմն մարդիկ կը փոխեն դաշնամուրը, բայց արդիւնք չ՚ունենար։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊՕՂՈՍ. «ՕՐ ՄԸ ՄԵՐ ԱՊՐԱԾ ԲՈԼՈՐ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՈՌՆԱՆՔ, ԲԱՅՑ ՄԵՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎԷՐՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԱՆԲՈՒԺԵԼԻ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի սրտին վրայ գտնուող եւ շատերուն յայտնի «Մեղեդի» սրճարանը հալէպահայերուն երեւանեան գլխաւոր հանդիսավայրն է։ Ամառ թէ ձմեռ, սուրիահայեր, յատկապէս հալէպահայեր «Մեղեդի» կը փութան զիրար տեսնելու, իրարու հետ զրուցելու, Հալէպի իրավիճակին մասին լուրեր ստանալու եւ մէկ խօսքով՝ հալէպեան վերյուշով ապրելու։

ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ. ԲԱՐԻ ԵԿԱՔ ԵՒ ԲԱՐԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մարդը իր կեանքի ընթացքին, ինքզինք սիրցնելու եւ կամ սիրելու մարմաջէն թելադրուած, միշտ ուզած է լաւագոյն ձեւով արտայայտուիլ: Ու նկատած է, որ երգն ու երաժշտութիւնը ամենէն ազդեցիկ, կախարդական եւ իմաստալից որդեգրումն է եղած իր այս նպատակին հասնելու համար:

Էջեր