ՆԱՅՈՒԱԾՔՆԵՐ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գարունը իր զով թեւերով պարուրեց մեզ դարձեալ, հայրենի զգլխիչ գարնան մեղեդին լսելի է ամէնուրեք. պատշգամէն ներս կը հոսին թռչուններու գեղգեղանքը, նորափթիթ տերեւներու թարմ կանաչը աչք կը քթթէ, ծաղկած ծիրանիները, կեռասենիները անզուգական գեղեցկութեամբ մը կ՚օժտեն այս պաստառը. արեւը վերէն ժպիտով կը հետեւի անցուդարձին:
Դուրսէն լսուող պոռչտուքը կ՚ընդհատէ պահին գեղեցկութիւնը: