ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ԹԵՄԸ. ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Որպէս եգիպտահայ պարտք կը զգամ անդրադարձ մը կատարել Եգիպտահայ թեմի հարիւրամեայ ծաղկուն շրջանը հանդիսաւորելով, սկսեալ 1914 թուականէն, երբ թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Արմաշական սերունդի ամենէն ուշիմ եւ նուիրեալ հոգեւորականներէն՝ Թորգոմ Արքեպիսկպոս Գուշակեան, Սեբաստիոյ նախկին առաջնորդը, որ Եգիպտոս կը հասնէր 1914 թուի մայիսի 3-ին ու կը դիմաւորուէր «փառաւոր թափօր մը կազմած» Ազգային իշխանութենէն, ու մուտք կը գործէր առաջնորդանիստ Ս. Աստուածածին եկեղեցին։