ՈՐՈՇԻՉԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Քանի որ ապագան անորոշ է, կարգ մը ճարպիկներ ինչ (որ չեն պակսիր) մարդկային ընկերութեան մէջ, կը ստանձնեն ապագան գուշակելու խիզախութիւնը կամ խորամանկաբար զայն մեկնելու առաքելութիւնը աստղերու անունով տալ հանրութեան. մեր հայրերը սօսեաց անտառի շրշիւնով կը մեկնէին. այլ տեղ գաւաթի մէջի ջուրէն երեւոյթներու բացատրութեամբ կամ սկահակի մէջի զարդանման սուրճի մնացորդները լեզու կու տային կարդացողին. իսկ թէ աստղերը ինչ կ՚ըսեն, այդ ալ մասնաւոր գրականութիւնն ունի: