«ՔՈՎԻՏ-19» ԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ
ՎԵՐ. ՏՔԹ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ
Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական ծանրագոյն ճգնաժամը ծնունդ տուաւ այնպիսի ժողովրդային պոռթկումներու, ցոյցերու, քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ հանրային անկարգութեան, որոնք առաջնորդեցին նախկին կառավարութեան տապալման եւ նորի մը կազմութեան: Գործազրկութեան, մեծաթիւ սնանկացումի պարագաներու եւ տակաւին անորոշ ապագայի ճնշումներէ մղուած զարգացան կենցաղային, ընկերային ու հոգեբանական հարցեր, որոնք ամիսներէ ի վեր կը շարունակեն մագլցիլ անվերահսկելի կերպով: