ԱՆՑԵԱԼՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՆ՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՍ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց հայ ամէնօրեայ վարժարանին (ՍՆԱՎ) տնօրէնութիւնը 1987-1988 դպրոցական տարեշրջանին երբ ստանձնեցի, ծրագիրներէս մին մեր աշակերտութիւնը ծանօթացնել էր մեր անմիջական համայնքին երախտաւորներուն։