ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ Ազգային անվտանգութեան հարցերով իր աւագ խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթընը։ Այս վերջինը ծանօթ էր Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու իրականացման հետամուտ մօտեցումներով եւ խոր տարակարծութիւններ կ՚ապրէր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։
«Տիգրան Մանսուրեան-80» համերգաշարով կ՚արժեւորուի մեծանուն արուեստագէտի յոբելենական շրջանը:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, որ կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին, խորհրդարանի որոշումով՝ 9 սեպտեմբեր 1919 թուականին հիմնադրուած էր այս թանգարանը, որու յոբելեանը կը համարուի յատկանշական հանգրուան մը։
Հոկտեմբերի 6-9-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովը՝ «WCIT 2019»։ Այսպէս, «WCIT 2019»ի կազմակերպիչները երէկ հաղորդեցին, որ այս համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ եւ արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մեկնաբանէ անգիր օրէնքներով նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութեան դժուարութիւնները:
Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը։ Նիստէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի դառնայ իսլամական դրամագլուխի ձգողական դաշտը։ Ան ընդգծեց, որ Իսթանպուլի ելմտական կեդրոնը կարճ ժամանակի ընթացքին իսլամական աշխարհի ելմտական գետնի վրայ տարածքաշրջանային կեդրոնը պիտի դառնայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսս, որ կ՚այցելէ Թուրքիա, երէկ հիւրընկալուեցաւ Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Ալպայրաք եւ Ռոսս վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առեւտուրի ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Կիորկի Կախարիայի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Վրաստանի մէջ ձեւաւորուած է նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի Կիորկի Կախարիա։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Վան: