ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԵԶՐԱՓԱԿԵՑՈՒԵՑԱՒ ԿԱՆԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻ 19-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած «Կանանց լսարան»ը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները, Անթիլիասի վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամով։ Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը, իսկ աւարտին, ներկաները առիթն ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ հայոց թեմէն ներս մեծահանդէս արարողութիւն։
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով յունիսի 20-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Իվ լը Տրիանը։ Երկու նախարարները ծաւալուն բանակցութիւններ վարեցին Անգարա-Փարիզ համատեղ օրակարգի բազմակողմանի խնդիրներուն շուրջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է «Ազատ Օր» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Յովսէփ Պարազեան։ Ան շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր իր սպասաւորութիւնը բերած էր «Ազատ Օր» օրաթերթին։ Այդ ժամանակաշրջանին վարած էր նաեւ գլխաւոր խմբագրի պաշտօն, իսկ այդ պաշտօնը փոխանցելէ վերջ ալ կը շարունակէր իր աջակցութիւնը եւ նպաստը բերել թերթին։
Եւրոմիութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ հերթական նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի երեսփոխաններուն հետ:
Իրաւական համակարգէ ներս բարեփոխումներու պատրաստութեան շրջանին ուշագրաւ վիճակ: