«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՓԼՈՎՏԻՒԻ ՄԷՋ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը պայրամի արձակուրդի օրերուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Փլովտիւը 2019 թուականին կը հանդիսանայ Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաքը, իբր այդ այնտեղ կը կազմակերպուին բազմակողմանի մշակութային ձեռնարկներ։
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան, մի քանի սերունդներու խորհրդանիշ Ալէն Տըլոն 83 տարեկանին նոր երգ մը ձայնագրած է: Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», արձագանգած է Closer հանդէսը:
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Ս. Խաչ Մայր տաճարը անցած է ծաւալուն բարեկարգման աշխատանքներէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ժողովրդագրական կացութիւնը:
Ճանըթըն Քոնլինի բազմակողմանի ուսումնասիրութեան հիման վրայ լոյս տեսած է «Mr. Five Per Cent» գիրքը:
Քրիստոսի Համբարձման աւանդական տօնը. Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը 187 տարեկան:
Մեծի Տանն Կիլկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ երէկ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը տեւած է շուրջ երկու ժամ:
Ենիգաբուի «Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան իֆթարի հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքապետարանը երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ նման իֆթարներ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս աւանդութիւնը երէկ ալ շարունակուեցաւ, սակայն այս տարուանը ունէր յաւելեալ բացառիկ բնոյթ մը։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը: