ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ՁԳՏԵԱԼ ՎԻՃԱԿԸ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ
Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Երէկ, Իրանի զօրքերը թիրախ դարձուցին ամերիկեան անօդաչու սարք մը։ Իրան տեղեկացուց, որ այդ ամերիկեան անօդաչուն խախտած էր իր օդային մարզը։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այսօր կը տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ուիլիըմ Սարոյեանի երկու գործերու թրքերէն թարգմանութեան։ «Yüreğim Dağlardadır» եւ «En Güzel Günlerin» կը կոչուին այս երկու գործերը։
Ամերիկահայ անուանի բժիշկ, ֆիզիքի մասնագէտ ու գիւտարար Ռէյմընտ Տամատեան վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Ան բժշկական MR-ի (նիւքլէէր մանիէթիք ռեզոնանս) սարքի գիւտարարն է։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի 28-րդ ժողովը՝ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ համալրում։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Հայաստանի արդարադատութեան նախարար նշանակուեցաւ Ռուստամ Բադասեան։
«Արամ Խաչատուրեան» 15-րդ միջազգային մրցոյթը եզրափակուեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսայի մէջ, երէկ, այցելեց Փարիզի միջազգային օդագնացութեան ցուցահանդէսը, որ կը կազմակերպուի Լը Պուրժէի մէջ։
Ստեփանակերտի «Նելսոն Ստեփանեան» պուրակին մէջ, նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ հովանոցներու փառատօն: