ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը յունիսի 20-ի նիստին որոշեց Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած միջազգային փառատօնի իրականացման նպատակով կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն 50 միլիոն դրամ յատկացնել «Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան:
Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին Քիոթոյի մէջ կատարեց նաեւ՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէսին բացումը։ «Թոֆուքուժի» մեհեանին մէջ բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը, որու ընթացքին կը ներկայացուին շուրջ վեց տասնեակ լուսանկարներ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երիտասարդ ու նուիրեալ անդամներէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան վերջերս աւարտած է համալսարանը։ Ան մեր վեղարաւորներու շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէ իր աշխուժութեամբ եւ յանձնառութիւններով։
Crans Montana ֆորումի տարեկան մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը. ապագան աւելի մօտ:
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ զգալի լիցքաթափում՝ նախագահներու հանդիպման լոյսին տակ:
«G-20»ի անդամ երկիրներու ղեկավարները համախմբուած են՝ Ճաբոնի վարչապետի տանտիրութեամբ:
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ դրական կեցուածք:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով Կարէն Միրզոյեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։ Այս նշանակումը արդէն հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Առաջին անգամ Մալթայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստան:
Պետական իշխանութիւններու պահանջով տեղապահի ընտրութեան շաբաթ մը յետաձգուիլը հերթական փոթորիկի մը ծնունդ տուաւ թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս: