ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՊԱՆԿՔՈՔԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերու ներածումը կը շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անհանգստութեան պատճառ դառնալ։ Ուաշինկթըն ներկայիս Անգարայէն յամառօրէն կը պահանջէ այդ համակարգերը գործնական օգտագործման վիճակի չբերել։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչըրի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան անպաշտօն այցելութեամբ կը գտնուի Անգլիոյ մէջ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն կ՚այցելէ Աւստրալիա։ Երէկ, Քամպերայի մէջ Մասիս Մայիլեան հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էրիք Ապեթսի հետ։
Պէյրութի Տիւրզի համայնքի հոգեւոր կեդրոնէն ներս կրօնապետներու հանդիպում:
Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան իր երկրորդ նիստը գումարեց Գումգաբուի մէջ. շուրջ 4 ժամ:
Մեծ կղզիի յունաց պատմական որբանոցի վերականգնման համար կը նախատեսուի շուրջ հինգ տարի եւ առնուզան 40 միլիոն եւրօ ներդրում:
Հալէպի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Սուրիահայ 17-ամեայ երիտասարդ մը զոհ գնաց կրակոցին։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Շանթ Քէօշկէրեան սպաննուած է Հալէպի Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն վերջնականօրէն։
Նազար Հանչէր մեզի կը տեղեկացնէ.-
Հայկական արտադրութեան պահածոները աւելի քան տասն օրէ ի վեր վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյի նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ: