ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի հանդիպում մը ունենալ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ յառաջիկային կը նախատեսէ այցելել Փեքին, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Չինաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, հակամարտ կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան Վիեննայի յայտարարութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը գահակալութեան երկու տասնամեակներու շրջանին առաջին անգամ այցելեց Կրետէ եւ ընդհանրապէս Յունաստան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութեան խնդրին։ Ան յայտնեց, որ Իսթանպուլի մէջ կրկնուելիք ընտրութիւններուն ժամանակ թեկնածուները փոփոխութեան պիտի չենթարկուին։
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Միջկառավարական յանձնաժողովի ռազմավարական երկխօսութեան խումբի նիստը Երեւանի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կ՚աւարտէ հովուապետական այցելութիւնը դէպի Կրետէ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճորճ Քենթ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան հիւրընկալեց Մատենադարանի ղեկավարութիւնը:
Կրետէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակի յոբելենական մեծահանդէս տօնակատարութիւնները զուգադիպեցան Աշխարհամատրան կիրակիին: Հերակլիոնի մէջ երէկուան օրը բնորոշուեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագով: Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ողջունեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը: «Aquila Atlantis» պանդոկի պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան պետական ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: