ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԸ
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան նշանակուեցաւ հայազգի դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Անգլիոյ կառավարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւանի մօտ նոր դեսպան նշանակուած է Ալան Անդրանիկի Կէօքպաշեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտ տեղեկացուցին, որ նորոգ հանգուցեալ պատմաբան Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի մէջ։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Փրոֆ. Վահագն Տատրեան կը վայելէր միջազգային հեղինակութիւն եւ անկոտրուն պայքար մը մղած էր արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Լոս Անճելըս։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ սեպտեմբերի 22-ին, Լոս Անճելըսի ժամով 16.00-ին, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ տեղւոյն «Կրենտ Փարք»ին մէջ։
Գործարար Վարդան Սրմաքէշի մեծ ներդրումով Շիրակի մարզէն ներս արդիւնաբերութեան նոր կառոյց մը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքը ի գին ամէն ինչի պիտի մաքրագործուի ահաբեկիչներէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ինչպէս որ Աֆրինը մաքրուեցաւ, ինչպէս որ Ճերապլուսը մաքրուեցաւ ԻՇԻՊ-ականներէ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ Եփրատի արեւելքը պիտի մաքրագործենք ԵՓԿ-էն եւ ՓՔՔ-էն»։
Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս կը կարեւորէ ընդհանուր ելմտական շուկայի մը ստեղծուիլը:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար սփիւռքի մէջ արհեստավարժ նախաձեռնութիւններ:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի վերջին այցելութեան լոյսին տակ ի՛նչ ապագայ կը նախատեսուի Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի շէնքին համար:
Փարիզի իշխանութիւնները վերջերս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Պաքուի հետ զինուորական համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ Այսպէս, Փարիզ հետաքրքրուած է Պաքուի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեամբ, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելմտական նախարար Պրիւնօ լը Մերի կատարած յայտարարութիւնը։