ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՈՒ ՑԱՒԱԼԻ ԴԷՊՔ. ՔԱՐԱՆՖԻԼԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՄԱՀԱՑԱՆ
Պէյօղլուի մէջ երէկ երեկոյեան պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը, որ մեծ յուզումով ընկալուեցաւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Այսպէս, Տոլափտերէի «Քասափ Հուրշիտ» փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ վէճ մը ծագեցաւ Գամէր եւ Մուրատ Քարանֆիլեան եղբայրներուն միջեւ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջին շրջանին արձանագրուած լարուածութիւնը կը շարունակուի մտահոգիչ թափով։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն թիրախաւորել Սիւնիքի մարզի զանազան բնակավայրերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետը ընտրելու համար արդէն գումարուած է Քոնքլաւը։ Երէկ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի ապագային տեսակէտէ նախախնամական նշանակութեամբ այս հաւաքը սկսաւ՝ ամբողջ աշխարհի վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան որդեգրած է հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն մը եւ իր յարաբերութիւնները չի կառուցեր այլ յարաբերութիւններու հաշուին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնին։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ անցումայի շրջանի ղեկավար Ահմէտ էլ Շարան։
Մարդ որքա՜ն խաղաղ ու հանգիստ է բնութեան մէջ։ Բնութեան հետ շփումն ու անոր հետ առանձնութեան պահերը անբացատրելի հանդարտութիւն մը կը պարգեւեն անոր էութեան, կարծես ներաշխարհը կը հանգի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։