ՖԻՏԱՆ-ՎԱՏԷՖՈՒԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ. ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀՐԱՀՐՄԱՆ ԴԷՄ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Տաւիտ Վատէֆուլը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իրանի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ մինչ միջազգային բոլոր իրադարձութիւնները այժմ կը հունաւորուին անոր ազդեցութեամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ չի կասկածիր, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի Ատրպէյճանի հետ։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու դրական կլիմայով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ շօշափելի իրադարձութիւն:
Եւրոխորհրդարանի շէնքի յարակից տարածքին, վարչապետի երէկուան ելոյթէն վերջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացուեցաւ հայոց այբուբենի յուշարձանը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը ընդմիշտ կնքուած է։
Փարիզի Միջուակային ուժանիւթի երկրորդ գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ շփումի մը։ Ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար այս համաժողովի շրջանակներէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի հետ։
Փաշինեան եւ Մաքրոն կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ:
ՆՈՐԻՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ
Երեւան կոչ կ՚ուղղէ՝ տարածաշրջանի խնդիրներու լուծումը ժամ առաջ պատերազմէն վերադարձնել դիւանագիտական հուն:
Անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանը հետզհետէ ուշադրութեան կ՚արժանանայ հայ իրականութենէն ներս: Ականաւոր լեզուաբան ու բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի տարեդարձի օրը՝ մարտի 8-ին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այց մը տուաւ Հրաչեայ Աճառեանի շիրմին, որ կը գտնուի Երեւանի «Թոխմախ» քաղաքային գերեզմանատան մէջ: