ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՅԱՌԱՋ ՏԱՆԻԼ ԻՐ ԳԻԾԸ
Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու հռչակագրի ստորագրման Մոսկուա կը հետեւի անմիջական ուշադրութեամբ։ Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Ֆատէյեւ յայտնեց, որ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով նախատեսուած ճանապարհային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման պարագային հաշուի պէտք է առնել ռուս սահմանապահներու ներկայութեան հանգամանքը։
Թուրքիա Սուրիոյ առկայ մութ համայնապատկերի դերակատարներու շարքին կը դասէ Իսրայէլը:
Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց, որ Վլատիմիր Փութինի հետ վաղը պիտի չքննարկէ տարածքային հարցեր:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը հրապարակեց՝ 2024 թուականի Մարդու իրաւանց պաշտպանութեան զեկոյցը։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ թէեւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը կ՚արգիլեն կամայական ձերբակալութիւնն ու իւրաքանչիւր քաղաքացիին իրաւունք կու տան դատարանէ ներս վիճարկել ազատազրկման օրինականութիւնը, սակայն, երկրի կառավարութիւնը միշտ չի պահպաներ օրէնքի այդ դրոյթները։
Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Քերիմ Վելիեւ Իսլամապատի մէջ հիւրընկալուեցաւ Փաքիստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Սէյիտ Ասըմ Միւնիրի կողմէ:
Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան դրութիւնը լուրջ նպաստ կ՚ապահովէ տարածաշրջանի խաղաղութեան:
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ տագնապալի իրավիճակին մէջ Սուրիոյ իրադրութեան կայունացումը կը դասուի առաջնահերթութիւններու շարքին։ Տարածաշրջանի բոլոր դերակատարները կը ջանան բազմակողմանի ջանքերով իրենց նպաստը բերել այս ուղղութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս ուրբաթ ժամադրուած են Ալասքայի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի զարգացման ուղղեալ թեքնիք մակարդակի տեսակցութիւնները պիտի շարունակուին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ