ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ, բացի կեդրոնի իշխանութիւններէն, զինուելու հնարաւորութեամբ որեւէ նախաձեռնութիւն անընդունելի է։ «Ինչպէս ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ ՓՔՔ-ն համակարգէ դուրս պիտի ելլէ։
Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման խտացեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ, Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ բարձր մակարդակի քննարկումները թափով կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի պալատին մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆը։
Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն՝ կրկնելով իր յայտնի յամառ պահանջը:
Ատրպէյճան վերջին օրերուն դարձեալ կրակ կը բանայ Սիւնիքի մարզի շարք մը բնակավայրերուն վրայ:
Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասը, որ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։
Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք վերջին օրերուն այցելեց Ուաշինկթըն, ուր տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական գանձի նախարար Սքաթ Պեսընթի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տուն վերադառնալէ վերջ հրապարակած առաջին 24 Ապրիլի պատգամին մէջ վերադարձաւ՝ 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ իր նախկին որակումին։ Երկար տասնամեակներ Ուաշինկթընէն հնչած պատգամին մէջ նախընտրուած բառապաշարը կիզակէտային հարցի մը վերածուած էր թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմերուն տեսակէտէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան վաղը պիտի մասնակցի Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովը գումարուած:
Փեքին-Պաքու առանցքին վրայ համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ անանտեսելի թափով: