ԵՐԳԻՉ ՀԱՅԿՕ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԶՈՀ ԴԱՐՁԱՒ
Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ կրեց ցաւալի կորուստ մը. ոչ եւս է սիրուած մեներգիչ Հայկօ, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։ Երգիչ ու երգահան Հայկոյի առողջական վիճակի վատթարացման մասին վերջին օրերուն լուրեր կը հասնէին Երեւանէն, սակայն բոլորը հակուած էին իրենց յոյսը պահել։
«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայիս ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան յետընթացին մասին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն իրերայաջորդ երկու անգամ Հայաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուի՝ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նոր ընդգրկուած «Ծանր վիրաւորանք» յօդուածի գործադրութիւնը։
Երեւանէն լուրեր կը հասնին հերթական աղմկայարոյց ձերբակալութիւններու հարցին շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ստեփան Գալստեան եւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հրաւիրուեցան Ազգային անվտանութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ)։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիա-Հայաստան հաշտեցման, բայց, այս պահուն գործընթացի վերաբերեալ որեւէ յստակութիւն չկայ։
Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ կանգ առին տարածքաշրջանային փոխակերպման կարեւորութեան վրայ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի 16-րդ համերգաշրջանի հանդիսաւոր մեկնարկը:
Էրտողան եւ Փութին այսօր ժամադրուած են Սոչիի մէջ, ուր կը բանակցին առանձնազրոյցի ձեւաչափով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Պաքուի մէջ նախատեսուած է Վրաստան-Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որ տեղի կ՚ունենայ Ալիեւի եւ Ղարիպաշվիլիի գլխաւորութեամբ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ անցեալ տարուայ հրադադարի համաձայնութեան գլխաւոր արդիւնքը կայունութիւնն է։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը կայունացած է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնով։