ՓԵՍՔՈՎ. «ՄՈՍԿՈՒԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԿԱՊԻ ՄԷՋ Է ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Տեսակցութենէն օր մը վերջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ շփումները մշտապէս կ՚իրականացուին Ռուսաստանի կողմէ՝ եռակողմանի յայտնի յայտարարութիւնները կեանքի կոչելու շրջանակներէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի պալատէն ներս տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներու հանդիպումը, որու ընթացքին Փաշինեան ըսաւ. «Ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կայուն է, սակայն, երբեմն անկայունութեան օճախներ կը ստեղծուին, անկայուն է նաեւ վիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ»։
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան հարցերով յանձնակատարը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճէյմս Օսթինի հետ։ Դրական ու շինիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները կը շարունակուին նաեւ այսօր։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէն Թետրոս Կեպրէյէսուս յայտարարեց, որ քորոնաժահրի նոր հիմնամանրէները յաղթական դուրս կու գան պատուաստանիւթերու դէմ պայքարէն։ Ժահրի նոր՝ առաւել ուժեղ վարակիչ յատկութիւններու տէր տարբերակները կը յաղթեն պատուաստանիւթերուն։
Եիցաք Հերցոք երէկ պաշտօնապէս ստանձնեց Իսրայէլի նախագահի պաշտօնը։ Քնեսեթէ ներս տեղի ունեցած երդման արարողութիւնով ան դարձաւ Իսրայէլի 11-րդ նախագահը։
Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է «Յուշերու տուն» անուանեալ նոր կրթական ծրագրի մը, որու պաշտօնական մեկնարկը երէկ յայտարարուեցաւ թանգարանի աղբիւրներուն կողմէ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը չյաջողեցաւ ընտրել նոր կաթողիկոս-պատրիարք մը։ Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէր Ս. Սինոդի նստաշրջանը, որու օրակարգին վրայ էր նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան հարցը։ Քուէարկութեան զանազան փուլեր տեղի ունեցան, սակայն թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չյաջողեցաւ ապահովել անհրաժեշտ քանակութեամբ ձայներ։