ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ «FLY ONE ARMENIA» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԱՄ ԱՆԱՆԵԱՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Fly One Armenia» օդային ընկերութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանն ու իր ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ ան Երեւան-Իսթանպուլ երէկուան առաջին թռիչքով ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚ունենայ կարճ կեցութիւն մը՝ մինչեւ վաղը երեկոյեան, մինչեւ յաջորդ թռիչքը։
Միրզոյեան. «Հայաստան կրնայ մասնակցիլ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, խնդիր չեմ տեսներ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուայ տեւողութեան Միրզոյեան եւ Շալենպերկ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի Ներքին գործոց նախարար Վախթանկ Կոմէլաուրին, որ այցելեց Երեւան։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեան։
«Մատենա» միջազգային դպրոցի առաջին կրթական ծրագրի մեկնարկը ազդարարուեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը պաշտօնապէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրեց Վահագն Խաչատրեանը, որ ներկայիս Բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն ու վարչական խորհուրդի նախագահ Օլեկ Պելոզիորով եւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը նոր նուիրակ մը նշանակեց Անգարայի մօտ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ Վատիկանը պիտի ներկայացնէ Մոնս. Մարեք Սոլծինսքի՝ որպէս պապական նուիրակ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւ հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին։