ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ անցեալ տարուայ հրադադարի համաձայնութեան գլխաւոր արդիւնքը կայունութիւնն է։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը կայունացած է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնով։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ եռօրեայ գիտաժողով մը Երեւանի մէջ:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ դիւանագէտ, թարգմանիչ ու խմբագիր Համլէթ Գասպարեանի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Նորոգ հանգուցեալ Գասպարեան վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականի պաշտօնը կը վարէր։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։ Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը եւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիք։
Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ նախընթաց օր ստորագրուեցաւ յուշագիր մը։ Փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան ուղղեալ այս յուշագրի նպատակն է հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի մը ապահովումը։
Երեւանի «Վահան Թէքէեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որու այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած են թէ՛ յայտնի եւ թէ սկսնակ յայտնի լուսանկարիչներու գործերը։ Արեւածագէ մինչեւ գիւղական առօրեայ, քաղաքային տեսարժան վայրերէ մինչեւ ծաղկաշատ այգիներ կամ աշխատաւոր մարդոց դիմանկարներ…
Երեւանի մէջ երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը բացուեցաւ Հայաստանի առաջին մանկական փալիաթիֆ խնամքի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Փրոֆ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնի համալիրէն ներս հաստատուած է մանկական փալիաթիֆ խնամքի քլինիքը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Սոչիի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաղորդած էին, որ առանձնազրոյցի ձեւաչափով նախատեսուած բանակցութիւններու ընթացքին երկու ղեկավարները պիտի շօշափեն նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութիւնը
Չավուշօղլու. «Թուրքիա պիտի շարունակէ իր հաւանական քայլերը համակարգել Ատրպէյճանի հետ»:
Հայաստան Թուրքիոյ հետ այժմ առկայ բոլոր հարցերը քննարկելի կը համարէ՝ կարգաւորումէ վերջ: