ՄԱՔՐՈՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԵՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մինչ Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն աւարտեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ։
Ուքրայնայի տագնապի սաստկացման պայմաններուն ներքեւ Փութին եւ Մաքրոն բանակցութիւններ վարեցին Քրեմլինի պալատէն ներս:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին, ըստ էութեան, օրակարգի վրայ եկան Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ հանգամանքները, Ռուսաստանի զօրքերու կուտակումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Փութին-Մաքրոն երէկուան գագաթաժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ այս երկու երկիրներու ղեկավարները Մոսկուայի մէջ քննարկեցին հիմնախնդրի կարգաւորումը ու վերահաստատեցին համանախագահներու գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ ներառեալ ընթացիկ մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական խնդիրներու լուծման առումով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգը վերջերս արձագանգ գտաւ նաեւ Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի եթերին վրայ:
ՀԲԸՄ կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հայկական երանգ կու տայ STEAM նոր կրթական դրութեան:
Օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ նորովի մեկնաբանած է Ազնաւուրի եւ Կառվարենցի «Յաւերժական սէր» երգը։ Այսպէս, ֆրանսաբնակ հայազգի օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ (Մուրատ Ամիրխանեան) իւրովի մեկնաբանած է աշխարհահռչակ «Յաւերժական սէր» երգը:
Փաշինեան-Մաքրոն-Միշել-Ալիեւ տեսաժողով՝ անցեալ տարեվերջի հանդիպումներուն ի շարունակութիւն:
Փեքինի մէջ երէկ սկսան 24-րդ Ձմրան ողիմպիականները։ Առաջին անգամ այս խաղերուն ժամանակ արհեստական ձիւնածածկոյթ կ՚օգտագործուի։ Նկատի ունենալով արեւմտեան երկիրներու եւ Չինաստանի միջեւ առկայ ընդհանուր լարուածութիւնը՝ այս մրցաշարքի ժամանակ կարելի չէ եղած հարիւր տոկոս ստեղծել ակնկալւած մթնոլորտը։