ԸՍՏ HÜRRİYET-Ի, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐԸ
«Հիւրրիյէթ» երէկ գրեց, որ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը վերապահ քայլերով կը շարունակուի։ Այսպէս, երկու երկիրներու միջեւ օդային ուղղակի բեռնափոխադրումներու սկսելուն ուղղեալ պատրաստութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին։
Արարատ Միրզոյեան. «Վստահ չեմ, թէ մինչեւ տարեվերջ կը հասցնենք ունենալ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի քիչ թէ շատ վերջնական տարբերակ»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ կացութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի դիրքերուն վրայ։
Կեանքի մէջ հիմնականը միշտ առարկայական ճշմարտութիւնն է, բայց քանի կայ մարդը՝ միթէ կարելի՞ է բացառել հոգեբանականը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ անվտանգային մարտահրաւէրները չեն նուազած»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած այցելութեան օրակարգին շուրջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Աղաճանեան յայտարարեց, որ մինչեւ տարեվերջ չի բացառուիր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը։