ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին Նիւ Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Միրզոյեան Նիւ Տելհիի մէջ մասնակցած էր «Ռաիսինա» երկխօսութեան համաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Հնդկաստանի տանտիրութեամբ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը ի պատիւ տքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանի։
Ռուսաստան կ՚ընդգծէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու բոլոր ուղղութիւններով աշխուժացման հրատապութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Տելհիի մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի պոլսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Լիբանանահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան վերջերս ոգեկոչուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ։ Հոգելոյս Ժիրայր Դանիէլեան թէեւ լիբանանահայ մտաւորական մըն էր, սակայն, իր ներդրումը արդէն դարձած էր համահայկական եւ ան բառին բուն իմաստով սփիւռքեան արժէք մըն էր։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Մինչ Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ եւ Արցախը՝ պաշարուած, երէկ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր շփում մը։ Այսպէս, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Մեծն քսանեակի (G-20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը՝ Նիւ Տելհիի մէջ: