ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՎԻՃԱԿԸ ԺԱՄ ԱՌ ԺԱՄ ԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՆԱՅ
Ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախին մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը լրջանայ։ Ստեփանակերտէն շարունակ ահազանգներ կը հասնին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը ժառ առ ժամ կը վատթարանայ։ Կը հաղորդուի, որ Արցախի խանութները արդէն իսկ դատարկ են։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ներքեւ միշտ օրակարգի վրայ կը մնայ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ցամաքային սահմանի բացման հաւանականութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ներկայիս սահմանի Հայաստանի կողմէն՝ Մարգարայի անցակէտին մօտ աշխոյժ շինարարական աշխատանքներ կ՚ընթանան։
«Ո՛չ Պաքուի, ոչ ալ Մոսկուայի մէջ այս պահուն ռուս խաղաղապահները դուրս բերելու նախաձեռնութիւն կայ. ամենահաւանականն է, որ 2025-ի մայիսին Ատրպէյճան վեթօ կը դնէ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան երկարաձգման դէմ, որպէսզի անոնք հեռանան 2025-ին։ Բայց, ի հարկէ, մինչ այդ, շատ բան կրնայ տեղի ունենալ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Այս այցելութեան վերջին կանգառը հանդիսացաւ Ապու Տապին, ուր Էրտողան հիւրընկալուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի կողմէ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրուցակիցները քննարկեցին Երեւան-Մոսկուա տնտեսական համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ու ընթացիկ ծրագրերը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման միջավայր դառնալու։
Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութիւնները, ինչպէս կ՚ակնկալուէր, բեկումնային կամ շրջադարձային նորութիւն մը չեն բերեր: Հանդիպումը կը ծառայէ բանակցային գործընթացի ղեկը Եւրոպական Միութեան ձեռքերուն մէջ պահելու ծրագիրի գործնականացման:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կան քանի մը նախագծեր, որոնք եւս քննարկման առարկայ են:
Հանրապետութեան նախագահը Ռիյատէն անցաւ Տոհա, ուր եւս հիւրընկալուեցաւ բարձր արարողակարգով:
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ Պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար զօրավար Էտուարտ Ասըրեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային զօրախումբի նահանգային համագործակցութեան ծրագրի երեսնամեակի յոբելենական համաժողովին։