ՍԱՀՄԱՆԻ ՀԱՐՑԸ ԱՌԱՆՁԻՆ
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ սահմաններու որոշուիլը կրնայ ըլլալ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրէն անջատ։
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ սահմաններու որոշուիլը կրնայ ըլլալ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրէն անջատ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը:
Աշոտ Սաղեան երէկուան յատուկ նիստի ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց բարեփոխումներու ծրագրի կեանքի կոչուիլը:
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնը կ՚ընդլայնէ իր նախաձեռնութիւնները՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան թուայնացման ճանապարհին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կեդրոնը հետամուտ է թուայնացեալ հայկական պատմամշակութային վայրերու արխիւը հարիւրաւոր կոթողներով համալրելու նպատակին։
Հայաստանի մէջ NETFLIX-ի համար պիտի նկարահանուին ժապաւէններ ու ֆիլմաշարեր։ Հայաստանի Ազգային ժողովի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեան տեղեկացուց, որ Գերմանիայէն յայտնի դերասան ու արտադրիչ Թիլ Շվայկեր վերջերս այցելած է Երեւան։
«Արմէնփրէս»ի հիմնադրութեան 105-րդ տարեդարձին առթիւ ցուցահանդէս. «Դարու վաւերագրութիւն»:
Գործակալութեան լուսանկարներու հարուստ արխիւը խոշորացոյցի տակ կը բերէ առանցքային դէմքեր ու դէպքեր:
Եւրոմիութիւնը որոշեց Թուրքիոյ վերաբերեալ քննարկումները յետաձգել յառաջիկայ մարտի գագաթաժողովին:
Հաքան Ֆիտան եւ Օլիվէր Վարհէլյի հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին ընդհանուր արժեւորումի ենթարկեցին ստեղծուած իրավիճակը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պուտափեշտ այցելեց՝ Թուրքիա-Հունգարիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակին առթիւ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ նախագահ Քաթալին Նովաքի եւ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վերջերս կարեւոր յօդուած մը ստորագրեց «Իրնա» լրատուական գործակալութեան համար։ Իրանի պաշտօնական գործակալութեան կայքէջին վրայ տեղ տրուեցաւ այս յօդուածին, որու մէջ Վահան Կոստանեան խորհրդածութիւններ ըրած է՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարի (2024) պատմական շատ մը յոբելենական թուականներու յարգելի նշումներու տարի ալ է: (տես՝ ցանկը)
Յոբելենական թուականներ ըսի,- պէտք էր նաեւ աւելցնէի,- մեր կողմէ գնահատանքի արդար տուրք բառն ալ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ «Ֆ-16» կործանիչներու եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրներուն առընթեր, զրուցակիցները առանձնապէս անդրադարձան Կազզէի եւ Արեւմտեան Շէրիայի կացութեան։