ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Շաբաթավերջին, Ուաշինկթընի յատուկ բանագնացները՝ Սթիվ Ուիթքոֆ ու Ճերըտ Քուշնէր իրերայաջորդ այցելեցին Մոսկուա եւ Քիեւ։ Անոնք հանդիպումներ ունեցան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։ Ամերիկացի բանագնացներու այս ուղեւորութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Ուիթքոֆի եւ Քուշնէրի այցելութիւններուն առթիւ Մոսկուա եւ Քիեւ երեք օրով դադրեցուցին փոխադարձ հարուածները։ Անոնք նշեցին, որ երկու մայրաքաղաքներու մէջ բովանդակալից քննարկումներ ծաւալած էին եւ նոր յառաջընթաց արձանագրած՝ խաղաղութեան ուղղութեամբ։
Ուիթքոֆ եւ Քուշնէր հանդիպումներէն վերջ յայտարարեցին, որ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ կայ յառաջընթաց։ «Reuters»ի հաղորդումներով՝ Փութինի հետ ամերիկացի բանագնացներու հանդիպումը տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Քրեմլինի մէջ իրենք նոր գաղափարներ լսած են, յամենայնդէպս, մանրամասնութիւններ չհաղորդեց այդ կապակցութեամբ։ Ուիթքոֆի խօսքով՝ իրենք կ՚ակնկալեն, որ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ շատ շուտով կը յայտարարուի Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը։
«Մոսկուայի մէջ մենք մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք», ըսաւ Ուիթքոֆ՝ աւելցնելով, որ շատ ոգեւորուած է նաեւ Քիեւի մէջ ծաւալած քննարկումներով։
Վոլոտիմիր Զելենսքի դրական գնահատած է Ուիթքոֆի եւ Քուշնէրի հետ ունեցած շատ բովանդակալից զրոյցը եւ յայտնած է, որ Ուքրայնա պատրաստ է եռակողմանի բանակցութիւններու։ Ան նշած է, որ քննարկուած են նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումները եւ ձմրան ընդառաջ Ուքրայնային ուժանիւթի աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցերը։
Վոլոտիմիր Զելենսքի դիտել տուաւ նաեւ, որ պաշտօնատարները քննարկած են Քիեւին անվտանգութեան եւ տնտեսական երաշխիքներ տրամադրելու հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յետպատերազմական «բարեկեցութեան ծրագիրը»։
Քիեւի մէջ ալ ամերիկացի բանագնացներուն շփումները տեւեցին քանի մը ժամ։
Ամերիկացի բանագնացներու Քիեւի շփումներու վերջին փուլին միացան նաեւ՝ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականները։