ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
UCLA-ի եւ «Tarih Vakfı»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ գիտաժողով՝ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ:
Աշխարհի զանազան հեղինակաւոր համալսարաններէն մասնագէտներ չորս գիտական նիստերու ընթացքին շահեկան զեկուցումներով հայկական հարցը խոշորացոյցի տակ առին բազում երեսակներով: