Լրահոս
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անթիլիաս կը պահանջէ Կիլիկեան Աթոռի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։
ԵԶԱԿԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ…
Ռուսաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարարը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ APA գործակալութեան:
Կրիկորի Քարասինի համոզմամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին փոփոխութիւնը կրնայ քայքայել բանակցութիւնները:
ԱՀԱՒՈՐ ԱՒԵՐ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ապրուած զգայացունց տմարդի իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ սրբապղծութիւններու զուգորդմամբ։ Սուրիահայութիւնն ու ամբողջ հայաշխարհը երէկ ահաւոր աւերի մը ականատեսը եղան։
ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԴԱՏԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկուան դրութեամբ դիմում ներկայացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեանին մօտ:
Վաղը այս նիւթին վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս մը նախատեսուած է Ուաշինկթընի մէջ, տեղւոյն Ազգային մամլոյ ակումբի «Լիսակոր» սրահի երդիքին տակ:
ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր Փարիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ հաստատուած է այս տեսակցութիւնը, որու յստակ օրակարգին մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1915…»
ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻ ԽՐԱԽՈՒՍՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսին։ «Մերիտեան» ցուցահանդէսի կեդրոնէն ներս կազմակերպուած այս ձեռնարկին նպատակն է ներկայացնել երկրի արդիւնաբերութեան ներուժը, զարգացման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ընկերութիւններուն՝ հետագայ զարգացման եւ արտածման խթանման ճանապարհին։
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ԶԵՂՉԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻՆ ՍԱԿԱԳԻՆԸ
Ռուսաստան զեղչ կը կատարէ Հայաստան մատակարարուած բնական կազի սակագինին մէջ։ «Կազփրոմ» ռուսական ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլէր, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էր այս ուղղութեամբ։
«SALT GALATA»Ի ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
SALT Galata-ի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկի մը բացման հաւաքոյթը։ «Անոնք» խորագրեալ այս ձեռնարկը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Թուրքիոյ մէջ «միւս»ներու դասուած խմբաւորումներն ու անոնց վանումին վերաբերեալ երեւոյթները։