ՕՊԱՄԱ ՑԱՒԱԿՑԵՑԱՒ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա երէկ հեռաձայնով կապ հաստատեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ, որուն ցաւակցութիւններ յայտնեց Սուրուչի եւ Ճէյլանփընարի մէջ ապրուած յարձակումներուն կապակցութեամբ։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու անդրադարձաւ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ գործընթացին եւ ԱՔ կուսակցութեան հետ յառաջ տարուած շփումներուն։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան վերջերս այցելեց Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարը, ուր այս տարի Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն շուրջ երեք հարիւր յիսուն երախայ կ՚անցընէ իր ամրան արձակուրդը։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք այցելութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Մարտունիի եւ Ասկերանի ուղղութեամբ կ՚ապրուի խտացեալ փոխհրաձգութիւնը։
Սուրուչի ահաբեկչութեան տեղի տուած հակազդեցութեան ալիքը կը բնորոշէ երկրին օրակարգը:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ նախատեսուած քննարկումները երէկ սկսան:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան ճանապարհին։