ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը փուլ առ փուլ կեանքի կը կոչուի յաջողութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախընթաց օր սկսաւ այս ծրագրին շրջագծով նախատեսուած համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացքը։

Վարչապետ Տավուտօղլու. «Թուրքիա այլեւս մէկ շաբաթ առաջուան Թուրքիան չէ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած ողբերգութեան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Խի Ճինփինկի հրաւէրին ընդառաջ։ Իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 30-ը։
«Ոտքի՛ Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամները երէկ փորձեցին ցոյց մը ընել Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Ծանօթ է, որ այս ցոյցերու շարքը սկսած է Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացմամբ եւ ցուցարարները կը պահանջեն համապատասխան որոշման յետս կոչուիլը։
Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կիպրահայոց Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեանի պարգեւատրման արարողութիւնը։ Այս առթիւ իրեն հանդիսաւորապէս շնորհուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլը՝ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար։