Լրահոս

ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Օ­փե­րա­յի յայտ­նի մե­ներգ­չու­հի սոփ­րա­նօ Ա­րաքս Ման­սու­րեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սով մը իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րու դա­տին յանձ­նեց նոյ­նա­ժա­մա­նակ ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան, որ այս առ­թիւ ը­սաւ. «Սա ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի մը փոք­րիկ մէկ մասն է՝ հան­րա­գու­մա­րի բե­րուած ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի մէջ, ուր Ա­րաքս Ման­սու­րեան լա­ւա­գոյնս դրսե­ւո­րած է ինք­զին­քը»։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄԻ ՀԵՏ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ յայտ­նի պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չա­մի հետ։ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Թա­նէր Աք­չա­մին հետ խորհրդակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի եւ Մայր տա­ճա­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման հա­մար Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ Թա­նէր Աք­չամն ալ մաս կը կազ­մէ այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար ստեղ­ծուած յանձ­նա­խում­բին, իբր այդ սոյն տե­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է աշ­խա­տան­քա­յին բնոյթ։

ՔՆԵՍԵԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ

Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Եու­լի Է­տէլշ­թայն կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի իր եր­կի­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ դիր­քո­րո­շու­մը։ «Ճէ­րու­զա­լէմ փոսթ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Քնեսեթի նա­խա­գա­հը յար­մար կը նկա­տէ, որ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուի Իս­րա­յէ­լի դիր­քո­րո­շու­մը ըստ ո­րու հա­յոց ե­ղեռ­նը կը նկա­տուի մարդ­կու­թեան դէմ բա­րո­յա­կան բիծ մը։

ՎԻԹԽԱՐԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երեւանի եւ Փեքինի համագործակցութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բացուին Մետաքսի ճանապարհի ծրագրին բերումով:
Չինաստանի կառավարութիւնը մտադիր է վարկեր տրամադրել Հայաստանին՝ ենթակառուցուածքներու շինարարութեան համար:

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԳԻՆԵՁՕՆ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եոր­քի կեդ­րո­նին մէջ վեր­ջերս հիւ­րըն­կալուե­ցաւ գրող Է­րիք Պօ­ղո­սեան։ Այս հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իր վեր­ջին գիր­քը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՀԻԼԹԸՆԻ»Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

«Հիլ­թըն» աշ­խար­հահռ­չակ պան­դոկ­նե­րու ցան­­ցը կը պատ­րաս­տուի մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տել Ե­րե­ւա­նի մէջ։ 

Հա­յաս­տա­նեան լրաս­փիւռ­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի բա­ցուի այս նոր հին­գաստ­ղա­նի հիւ­րա­նո­ցը, որ պի­տի գոր­ծէ Ե­րե­ւա­նի կրկէ­սին մօտ կա­ռու­ցուած բարձ­րա­յարկ շէն­քէն ներս։

ԵՐԵՒԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱՑ ԿԵԴՐՈՆ

Ե­րե­ւան հռչա­կուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ու­սա­նո­ղա­կան մայ­րա­քա­ղաք։ «Ար­մէն­փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան այս շրջագ­ծով վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­պա­կան ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէին Հա­­յաս­տա­նի Ու­սա­նո­ղա­կան ազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը։

Էջեր