ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՄԵՐՔԷԼԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Մերքէլ զրուցեցին սուրիացի գաղթականներու կացութեան շուրջ։


«ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուր հարցեր, ըստ աւանդութեան, անկեղծ ձեւով»։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը երէկ ձեռնարկեց իր 70-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Տարեկան շրջափուլին մեկնարկը ազդարարեցին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ման Քի Մուն եւ դանիացի դիւանագէտ Մոկենս Լիքէթոֆթ, որ անցեալ Յունիսին ընտրուած էր նախագահ։
Ռուսահայ յայտնի գործարար Լեւոն Հայրապետեան ազատուեցաւ տնային կալանքէ։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր ան դատական որոշումով տնային կալանքի տակ կը գտնուէր «Պաշնէֆթ» ընկերութեան բաժնետոմսերու վերաբերեալ ապօրինութիւններուն շրջագծով իրեն վերագրուած պնդումներուն բերումով։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ ժամանեց Տուշանպէ, այսօր կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին: