ՖԵՐԻՏՈՒՆ ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին երկայնքով վերջին շրջանին իրավիճակի սրման։

ՆԱԹՕ-ի Զինուորական կոմիտէի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն տարեկան հաւաքը: