«ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ՎՏԱՆԳՆԵՐԷՆ ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ ԱՊՐԻԼ»
Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի կարծիքով՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) վտանգը սպառնալիք է ո՛չ միայն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն, այլ նաեւ՝ համայն աշխարհին համար: Նախարարը նման կարծիք յայտնած է Երեւանի մեր աշխատակից Սագօ Արեանին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար տրուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին:

Լաս Վեկասի մէջ կազմակերպուած Ըմբշամարտի համաշխարհային առաջնութեան մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը վերադարձաւ Երեւան։ Յունահռոմէական ոճի մէջ աշխարհի ախոյեան դարձած եւ այդ կոչումը արդէն երկրորդ անգամ նուաճած Արթուր Ալէքսանեանին համար յաղթական վերադարձ մըն էր այս մէկը։
Իրաքի հիւսիսին Թուրք զինեալ ուժերը կ՚իրականացնեն սաստիկ գործողութիւններ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Մշակոյթի եւ մետիայի գծով նախարար Ճոն Ութինկտէյլի հետ։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս կը գլխաւորէր Հայաստանի հետ բազմակուսակցական բարեկամութեան խումբը։