ԹՐԱՄՓ ԿԸ ՅԱՄԱՌԻ ԿԱԶԶԷԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ. ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը։ Սպիտակ տան ժամադրութիւնը զուգադիպեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի տեսակէտէ նուրբ փուլի մը։
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարները երէկ տեսակցեցան Նիւ Տելհիի մէջ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց հոծ թիւով հետաքրքիրներ եւ ամերիկահայ համայնքէն դէմքեր։
Ատրպէյճանի նաւթի պետական ընկերութիւնը SOCAR բաժնետոմս գնած է Իսրայէլի «Թամար» կազի հանքավայրին մէջ։ Այսպէս, SOCAR-ը համաձայնագիր մը ստորագրած է «Union Energy»ի հետ՝ «Թամար» կազի հանքավայրին մէջ 10 տոկոս բաժին ձեռք բերելու նպատակով։
Նիկիոյ Առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը քրիստոնեայ աշխարհի ուշադրութեան առարկայ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման հարցին շուրջ ներկայ պահուն որեւէ զարգացում չկայ եւ եթէ ըլլայ ապա կը տեղեկացուի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ՝ Արհեստական բանականութեան գործառոյթներուն վերաբերեալ միջազգային գագաթաժողովին, որ Մեծ պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հովանաւորութեան ներքեւ։
Ըստ Էրտողանի՝ ոեւէ մէկուն ուժը չի բաւեր ու պիտի չբաւէ՝ Պաղեստինէն աքսոր մը կազմակերպելու:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Հնդկաստան, ուր մասնակցեցաւ «Aero India» պաշտպանական ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
ՃՀՓ-ի շարքերէն ներս արտասովոր աշխուժութիւն՝ նախագահի թեկնածուն յստակեցնելու համար: