ԵՐԵՒԱՆ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան մասնակցեցաւ Պահրէյնի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած՝ «Մանամայի երկխօսութիւն» միջազգային ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած ասուլիսի մը ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
«Կիկոյի հետ առաջ ու յետ»ը գրասէրները կ՚առաջնորդէ բազմաշերտ ստեղծագործական աւանդ մը բացայայտելու:
Մինչ Սուրիոյ մէջ բուռն իրադարձութիւնները կը շարունակուին, Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ ալ շփումները կը խտանան։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Տոհայի մէջ կը մէկտեղուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, թէ աշխարհի վրայ առկայ այժմու մարտահրաւէրները ստիպողութիւն կը ստեղծեն՝ առաւել զգօն ըլլալու համար խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու մէջ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Փենթակոնէ ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Սուրէն Պապիկեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի բանակէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն վերաբերեալ։
Թուրքիոյ յառաջատար դիւանագէտներէն Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին վստահուեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։
Անգարա կը վերահաստատէ իր սպասումը՝ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար:
Վաղը Փարիզի մէջ պիտի վերաբացուի «Նոթրը Տամ» աշխարհահռչակ տաճարը, որ համաքրիստոնէական սրբավայր մը ըլլալու առընթեր, համամարդկային ժառանգութեան գլուխ գործոցներէն է։ 2019 թուականին ծագած հրդեհին հետեւանքով լրջօրէն վնասուած այս տաճարը անցեալ հինգ տարիներուն վերանորոգուեցաւ՝ շուրջ 700 միլիոն եւրօ ներդրումով։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 31-րդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Մալթայի մէջ: