Լրահոս

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նեց Ֆրան­սա­հայ բժիշկ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Մի­շէլ Շա­հի­նեա­նը։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Մի­շէլ Շա­հի­նեան նշեց, որ իր գլխա­ւո­րած միու­թեան ան­դամ­նե­րը ա­մէն տա­րի այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րը։

Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան ըստ իր պատ­րաս­տած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին, տա­ր-ւան ըն­թաց­քին հո­վ-ւա­կան այ­ցելու­թիւն կը շնոր­հէ թե­միս ծու­խե­րուն, Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցա­նէ, կը քա­րո­զէ, ինչ­պէս նաեւ ձեռ­նադ­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ:

ՄՈՍԿՈՒԱ-ՌԻԱՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ ԱՐԴԵՕՔ ՅԱՋՈՐԴ ԿԱՅԱՆԸ ՊՈԼԻ՞ՍՆ Է

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Վեր­ջին օ­րե­րուն Մոս­կուա ժա­մա­նած սէուտ­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ յատ­կա­պէս թա­գա­ւո­րու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­տէլ Ժու­պէյ­րի կա­տա­րած յայ­տա­տա­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու ­տան, որ սիւն­նի աշ­խար­հի կա­րե­ւո­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին Սու­րիոյ հար­ցով Մոս­կու­ա­յի հետ ու­նե­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կը մնան ան­լոյծ:

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՄՆ ԱՅՑԸ

Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շէլի այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նով կը մեկ­նի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ «Ար­մէնփրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ նա­խա­տե­սուած են իր շփում­նե­րը Սպի­տակ տան եւ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ։

ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ՍՏԱՑԱՒ ՄԵՏԱՅԼ ՄԸ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան հայ­կա­կան փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վարդ­գէս Մահ­տե­սեա­նը, զոր պար­գե­ւատ­րեց յու­շա­մե­տայ­լով մը։

ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ…

ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի շփումներով անհրաժեշտ մթնոլորտը չստեղծուեցաւ՝ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու համար:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ երեկոյեան ժամադրութիւն պահանջեց ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիէն:

Էջեր