ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԱԼԻՔ
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալներուն շարժումը կը շարունակէ բնորոշել հրատապ օրակարգը:
Երեւանի Խորենացի փողոցին վրայ ատեն-ատեն լարուածութիւնը կ՚աճի, իսկ ցուցարարները կ՚աւելնան տակաւ:
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալներուն շարժումը կը շարունակէ բնորոշել հրատապ օրակարգը:
Երեւանի Խորենացի փողոցին վրայ ատեն-ատեն լարուածութիւնը կ՚աճի, իսկ ցուցարարները կ՚աւելնան տակաւ:
Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ, Յուլիսի 16-ին, կայացաւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն անուանակոչման արարողութիւնը: Փողոցը կոչուեցաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ, Վերոնայի համալսարանի առաջին վերատեսուչ Հրայր Թերզեանի անունով:
71 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Յովհաննէս:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հարցազրոյց մը տուաւ CNN International հեռուստակայանին։
Յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ կը շարունակուի լայնածաւալ հարցաքննութիւնը: Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ պատգամներ կը փոխանակուին Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի յանձնման խնդրին շուրջ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ ժողովուրդը զգուշացուց փողոցներու մէջ խափանարարութիւններու հաւանականութեան դէմ։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալները բռնագրաւուած կը պահեն ոստիկանական գունդի բաժանմունքը:
Ընդդիմադիր ուժեր Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյցեր կամ երթեր կ՚իրականացնեն: Հակաահաբեկչական գործողութիւններու խոչընդոտման պարագային իրաւապահ մարմինները պիտի գործադրեն համարժէք միջոցներ:
Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Ճեմիլ Ճանտաշ երէկ զոհ գնաց մահափորձի մը։ Շինութիւններու եւ թոյլտուութեան վկայականներու գծով փոխ-քաղաքապետ Ճեմիլ Ճանտաշ երէկ յարձակման ենթարկուեցաւ քաղաքապետարանի իր աշխատասենեակին մէջ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս կազմակերպեց ամառնային աշխատանոց մը՝ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ջանքերուն շրջագծով։ Անցեալ շաբթուան տեւողութեան տեղի ունեցաւ 2016-ի այս աշխատանոցը, որուն մասնակցեցան նաեւ Իսթանպուլէն կրթական մշակներ։
Արցախի մէջ երէկուան դրութեամբ սկսան ռազմափորձեր։ Մինչ ճակատին վրայ դէպքերը կը շարունակուին, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի ուժերը բազմաստիճան հրամանատարական զօրավարժութիւններու ձեռնարկած են։
Պերլինի մէջ (Գերմանիա), գտնուող «Մաքս Շմելինկ» մարզահամալիրէն ներս, 16 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ նորվեկացի Թիմ-Ռոպին Լիհաուկի ճակատումը: