ՃՈԼԻ-ՓԻԹ ԱՆՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Հոլիվուտի աշխարհահռչակ ատղ Անճելինա Ճոլի ուշադրութիւն չի դարձներ հասարակութեան կարծիքի վրայ։ Այն պահուն, երբ ողջ աշխարհը կը քննարկէ անոր եւ Պրետ Փիթի հաւանական ամուսնալուծութիւնը, դերասանուհին կրակի վրայ իւղ լեցուցած է։
Նալպանտեան անդրադարձաւ Սէն Փեթերսպուրկի եռակողմանի հանդիպման մանրամասնութիւններուն:
Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման արձագանգները:
Ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան որոշած է չմասնակցիլ յաջորդ տարի կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ «News am» կայքէջի հաղորդումներով, Փաթրիք Տէվէճեան ներկայիս 71 տարեկան է ու որոշած է յառաջիկայ շրջանին աշխատանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացնել Օ-տը-Սէն շրջանի խորհուրդին վրայ։
Ամերիկահայ մեծահարուստ Քերոլին Ռաֆայէլեան ընդգրկուած է Forbesի՝ աշխարհի ամենահարուստ ինքնուրոյն կայացած կանանց ցուցակին մէջ՝ զբաղեցնելով 22-րդ տեղը: Քերոլինի կարողութիւնը կը գնահատուի 700 միլիոն տոլարով:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ երէկ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեսակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որոնք շարունակեցին քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն յառաջիկայ ամիս ժողով մը պիտի գումարէ Իսթանպուլի մէջ։ 10-20 Յուլիս թուականներուն, Թուրքիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած է կոմիտէին 40-րդ ժողովը։ Նիստի ընթացքին որոշումներ պիտի ընդունուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ նոր լրամշակումներու կատարման շուրջ։
Երեւանի մէջ երէկ ձերբակալուեցաւ «Նոր Հայաստան» ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ, ազատամարտիկ Ժիրայր Սեֆիլեան։
Տքթ. Շուշան Կարապետեան շահեցաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ աւարտաճառ»ի մրցանակը, որ նուիրուած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնի պահպանման եւ կը կրէր` «Ինչպէ՞ս երախաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս» խորագիրը: Մրցանակին կ՚ընկերանայ 1000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն: