ՊԱՔՈՒ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՔՇԷ ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇԻ ՄԱՍԻՆ
Ատրպէյճան, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ թշնամի հռչակած է աշխարհի բոլոր հայերը, զանազան առիթներով իր թիրախը կը դարձնէ հայոց սփիւռքէն կարկառուն, յառաջատար դէմքեր։ Նման վիճակ մը այս շրջանին ստեղծուած է զուիցերահայ յայտնի գործիչ, նշանաւոր գործարար ու դիւանագէտ Վարդան Սրմաքէշի պարագային։