Լրահոս

ԵՐԵՔՆ ԱԼ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ

Յու­նիս 7-ի ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին զուգահեռ՝ Հան­րա­պե­տա­կան պատ­մու­թեան մէջ աննախընթաց ձեւով խորհր­դա­րա­նէն ներս ա­թոռ­ներ պի­տի զբա­ղեց­նեն նաեւ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­ներ, միա­ժա­մա­նակ։ Այս արդիւնքը վերահաստատուեցաւ երէկուան քուէարկութիւնով։

ՊԱՏՈՒԱԿԱԼ ՏՈՔԹՈՐԻ ԿՈՉՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ կող­մէ պա­տուա­կալ տոք­թո­րի կո­չում շնոր­հուե­ցաւ Մոս­կուա­յի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռի վե­րա­տե­սուչ ա­կա­դե­մի­կոս Ա­նա­թո­լի Թոր­քու­նո­վի։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կա­նը Թոր­քու­նո­վին յանձ­նեց հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔՆՆՉԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տու­նը Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէին նուի­րեց շարք մը սար­քա­ւո­րում­ներ եւ հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րեր՝ քրէա­կան գոր­ծե­րու թուայ­նաց­ման նպա­տա­կով։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլս եւ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Ա­ղուան Յով­սէ­փեան։

ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՓԱԿ ՏԵՏՐԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը հե­տա­մուտ է պատ­մու­թեան հին տետ­րակ­նե­րը բա­նա­լու: Ան ան­ցեալ շա­բաթ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ կա­յա­ցած «Սիո­նիզ­մի մի­ջազ­գա­յին» ա­մե­նա­մեայ ժո­ղո­վին սուր յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով փոր­ձեց նա­ցիա­կան Գեր­մա­նիոյ կող­մէ հրեա­նե­րուն դէմ կա­տա­րուած «Հո­լո­քոս­տ­»ի հիմ­նա­կան մեղ­քը բեռց­նել ա­րաբ­նե­րուն վրայ:

ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Սէիտ Քեա­զըմ Սա­ճի­տի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը շնոր­հա­ւո­րեց դես­պա­նը՝ Ե­րե­ւա­նի մօտ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ձեռ­նար­կած ըլ­լա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ՝ ԿՈԼԻ ԵՒ ԿՈԼԻ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿ

Գեր­մա­նիոյ ֆութ­պո­լի բա­ժա­կի մրցա­շար­քին 1-16-րդ հանգ­րուա­նին ծի­րին մէջ, Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ 7-1 ար­դիւն­քով ջախ­ջա­խեց իր մրցա­կի­ցը՝ Փա­տեր­պոռ­նը, որ մաս կը կազ­մէ Բ. դա­սա­կար­գին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈՔՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ 2016-Ի ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ

ArmSport.am հայ­կա­կան լրա­տուա­կան կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ Հա­յաս­տա­նի տղոց պաս­քեթ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ Եւ­րո­պա­յի փոքր եր­կիր­նե­րու 2016-ի ա­խո­յենու­թեան:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ բոլորը պէտք է համակերպին յառաջիկայ ընտրութեան արդիւնքներուն:

ՈՒՈՐԼԻՔ «ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ» ՈՐԱԿԵՑ ՀԱՅ-ԱԶԷՐԻ ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ԱՌԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ

​ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Միջ­նորդ­նե­րը ե­րէկ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան ամ­փո­փե­լով ի­րենց վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։

Էջեր